2016-01-19 11:36:00

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները` ''կարեկցութեան դուռը բանալ յաչս գաղթականներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Գաղթականութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, որ նշուեցաւ կիրակի 17 Յունուարին,  Ֆիլիփինեան կղզեխումբի  եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Սոքրաթէս Վիլլէկաս խնդրած է ողորմութեան ու կարեկցութեան դուռը բանալ յաչս գաղթականներուն ու փախստականներուն, ընդգծելով որ ''այսօր ողորմութեան պակաս կայ, մենք քրիստոնեաներս պարտականութիւնը ունինք լայն բանալ մեր սրտի դուռը, դուրս ձգելով թշնամութիւնը, ոխը եւ ատելութիւնը''։

Գերապայծառ Վիլլէկաս իր հայեացքը կ՛ընդլայնէ աշխարհը յուզող աննախընթաց երեւոյթին`  գաղթականներու հոսքին որոնք ոչ միայն Եւրոպա կը հասնին այլ եւ աշխարհի այլ մասերը։ ''Պետութիւնները իրաւունք չունին իրենց աչքերը փակելու ու իրենց զիրենք այնպէս ձեւացնելու թէ չեն տեսներ'' յայտնած է Ֆիլիփինեան կղզեխումբի  եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.